Կլէնտէյլի Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահէն ներս, Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի եւ կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Խարբերդ Մշակութային Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ հրապարակային յուշ երեկոյ մը նուիրուած՝ Խարբերդցի հայ երեք նահատակ մտաւորականներէն՝ Ռուբէն Զարդարեանի, Թեկատինցիի եւ փրոֆ. Յովհաննէս Պուճիքանեանի:
Ձեռնարկին Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի համաատենապետներ՝ Ժան Գոսաքեանի եւ Դաւիթ Սամուէլեանի կողքին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըս Քաղաքի Խորհուրդի անդամ Խարբերդցիի զաւակ՝ Փօլ Գրիգորեան եւ իր տիկինը, շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն՝ Վահէ Պօզոյեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Աւետարանական համայնքի պետ՝ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, «Medical Outridge», «Մետըքըլ Աութրիճ»ի հիմնադիր նախագահ՝ տոքթ. Վարդգէս եւ տինկինը Մէյրի Նաճարեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Խնամակալ Մարմնի նախագահ Արսէն Դանիէլեան, Կլէնտէյլի Միացեալ վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի Նախագահ՝ Նայիրի Նահապետեան, Կլէնտէյլ քաղաքի յանձնակատար՝ Վարդան Կարապետեան եւ շրջանիս հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներն ու աւելի քան 150 մշակութասէրներ, հայրենակիցներ եւ հիւրեր:
Օրուան հանդիսավար եւ վարչութեան փոխ ատենապետ Արա Ահարոնեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց իր պաշտօնը, նախ բարի գալուստի ու շնորհակալութեան բացման իր խօսքին ետք հրաւիրեց ներկաները հարիւր երկվայրկեան յոտնկայս լռութեան, ի յարգանս Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի յիշատակին եւ ապա ներկայացնելէ ետք օրուան ներկայ եղող բոլոր հիւրերը, ըսաւ.- «հայ ժողովուրդի իմացական, ազգային ու հոգեւոր նուիրեալներու նահատակման դարադարձի տարին է այս տարի, ուստի իբրեւ գիտակից ժառանգորդներ, տէր պէտք է կանգնինք մեր պահանջատիրութեան վերանորոգ ուխտով»: Հանդիսավարը նաեւ յիշեց ու շեշտեց 2015 թուականի արժեւորումն ու այս առթիւ Խարբերդ Մշակութային Միութեան սոյն ձեռնարկի յայտագիրը:
«Հարիւր ամեակ մը ամբողջ ամերիկահայութեան կենցաղին հետ առընչուելով, մեծ ու կարեւոր դեր խաղացած է խարբերդցին, նոյնիսկ ամիրիկեան քաղաքական կեանքէն ներս»: Ապա Ահարոն-եան ներկայացուց Խարբերդ նահանգի պատմական թիւը, ինչպէս նաեւ նոյն նահանգի նահատակ ղեկավարներուն ու հոգեւոր պետերուն անուններն ու անոնց կատարած դերը մեր ազգային կեանքէն ներս, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական Խորհուրդի համաատենապետնեէն՝ Ժան Գոսաքեանը, որ իր կարգին յիշեց, թէ այս ձեռնարկը Միացեալ Հայկական Խորհուրդի այս տարուան ընթացքին կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն առաջինն էր: Ան նաեւ մեծապէս գնահատելէ ետք երեկոն, հրաւիրեց ներկաները յաջորդող ձեռնարկներուն իրենց ներկայութեամբ զօրակցելու եւ աջակցելու այս տարուան բոլոր հրապարակային ձեռնարկները:
Իր կարգին, իբրեւ առաջին բանախօս, Գէորգ Պետիկեան ներկայացուց Խարբերդցի մեծանուն մտաւորական, արձակագիր, գրականագէտ, քննադատ, թարգմանիչ, տաղանդաւոր մանկավարժ, խմբագիր եւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ Ռուբէն Զարդարեանը, որ իր գրիչով հայ ժողովուրդի ազատութիւնը խնկարկած էր թրքական բռնատիրութեան լուծին դէմ:
«Զարդարեան տաղանդաւոր հայ հեղինակ մըն էր, վաղուան հայ գրականութեամբ մտահոգ խարբերդցի մտաւորականներէն մէկը եւ որ միշտ գրեց ջերմութեամբ, հաւատքով եւ մեր գրականու-թեան բերաւ ներշնչման նոր նիւթեր.- հայրենի գիւղ, հող, գաւառ եւ հայ գիւղացի: Ես զինք «ճանչնայ», տակաւին ազգային նախակրթարանի նոր շրջանաւարտ տարիքիս, երբ Պոլսէն, մօրս ազգականներէն մէկը իբրեւ նուէր, ինծի կը ղրկէր Ռ. Զ. ի «Մեղրագետ» դասագիրքերէն մէկական օրինակ:
Պետիկեան նաեւ շեշտեց Զարդարեանի երախտագիտութեամբ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին մասին, որուն ընթացքին դասաւանդած էր հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ, գրականու-թիւն եւ պատմութիւն:
Մանրամասնելէ ետք յեղափոխական եւ յատկապէս դաշնակցական Ռուբէն Զարդարեանի կեանքի բաժինները, բանախօսը ծանրացաւ անոր մտաւոր աշխատանքներուն եւ գրական գործերուն մասին, որ տեւած էր մենչեւ իր եղերական մահը:
«1915 Ապրիլի ձերբակալուածներուն մէջ, նաեւ ինքն ալ էր, ու անոնց պէս ինքն ալ տուն չվերադարձաւ: Այսպէս 1874ին ծնած, 1915ին Զարդարեան կը շիջէր 42 տարեկան հասակի մէջ իր կարապի երգը չերգած, երազի ու ստեղծագործութեան կենսայորդ լիութեան մէջ, սակայն ան իր նորավէպով հանդիսացաւ ազատագրական մեր պայքարի իւրայատուկ արձագանգը», շեշտեց Պետիկեան:
Ան նաեւ յիշեց, թէ տառապանք, վիշտ, դառնութիւն եւ առաւել հայ բնաշխարհ, հայկական իրականութիւն եւ նահապետական կեանք, ասոնցմով է, որ Զարդարեան կերտած էր իր կերպարները, մաքուր լեզուով, բարձր ոճով, ներդաշնակ եւ նոյնքան ալ բծախնդիր:
«Կարդացէ՛ք, Ռուբէն Զարդարեանը եւ անոր «Ցայգալոյսը», ու միշտ Զարդարեան կարդալով շնչեցէք հայրենի այդ հարազատ օդը եւ հաւատացէ՛ք, երբ Զարդարեան կարդաք, ձեր աչքին առջեւ պիտի պատկերանայ ամբողջ ժողովուրդ մը, իր գիտակցութեամբ եւ իր շքեղութեամբ, որուն այնչափ կարօտը ունինք այս օրերուն»,- ամբողջացուց Պետիկեան իր խօսքը:
Իբրեւ երկրորդ բանախօս, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան ներկայացուց ու մէջբերումներ կատարեց Խարբերդի ծնունդ գաւառական գրականութեան առաջին գրագէտ Յովհաննէս Յովհաննէսեանը որ կոչուած էր Թլկատինցի, իր ծննդավայրին՝ Թլկատինի անունով:
«1860ին ծնած Յովհաննէս Յարութիւնեան Խարբերդի Սմբատեան վարժարանին մէջ աշակերտած էր եւ ապա դասախօսած՝ Ս. Յակոբայ թաղին Ազգային վարժարանը իր շուրջը համախմբելով բազմաթիւ աշակերտներ, որոնցմէ էին Զարդարեան, Նուրիկեան եւ ուրիշներ»:
Փրոֆ. Քէշիշեան անդրադարձաւ նաեւ Թելկատինցիի կեանքի մանրամասնութիւններուն ու պարզեց անոր ութը զաւակներու հայր ըլլալն ու անոր նուիրումը իր սրբազան գործ՝ ուսուցչութեան:
«Անխոնջ ու բազմարդիւն հայ այս մտաւորականը, որ իր ինքնաշխատութեամբ յառաջ եկած էր իր առողջ դաստիարակութեան շնորհիւ մեր ազգին պարգեւեց ազգանուէր սերունդ մը, տոհմիկ եւ առողջ, միաժամանակ իր հիմնած անհատական կրթարանը կանգուն պահելով մինչեւ իր եղերա-կան մահը: Ան դարձաւ գաւառի գրականութեան ամէնէն ցցուն ու արտայայտիչ դէմքերէն մէկը ու մնաց անյողդողդ պատնէշի վրայ»:
Խօսելով Թլկատինցիի գործերուն մասին, Քէշիշեան յիշեց թէ անոր բոլոր գրական վաստակը որ բաղկացած է քերթուածներէ, քրոնիկներէ, նորավէպերէ եւ թատերական էջերէ, եւ որոնք բոլորն ալ ունին գաւառային նկարագիր ու կը կրեն կնիքը ժողովրդաշունչ եւ պարզ ոճի եւ որ անխառն ըլլալու արժէքը ունին, կը վկայեն արդիւնաշատ գրագէտի իր համբաւը:
«1915 Ապրիլին ինքն ալ զոհ գնաց ուրիշ հարիւրաւոր մտաւորականներու նման, երբ արդէն հազիւ իր կատարեալ հասունութեան թեւակոխած էր եւ որ պիտի օժտէր մեր գրականութիւնը նորագոյն գործերով»,-եզրափակեց փրոֆ. Օշիշ Քէշիշեան իր բաժինը:
Իբրեւ երրորդ բանախօս Խարբերդ միութեան ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան հանգամանօրէն ներկայացուց խարբերդի հարազատ զաւակ փրոֆ. Յովհաննէս Պուճիքանեանի կեանքն ու անոր վաստակը, իբրեւ նուիրուեալ կրթական մշակ, հրապարախօս, գրող եւ քարոզիչ:
«1873 ին Չնգուշ ծնած Խարբերդ, Յովհաննէս Պուճիքանեան իր նախնական ուսումը ստանելէ ետք բարձրագոյն ուսման փափաքով կանցնի գոլէճ եւ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, իբրեւ յառաջդէմ ուսանող իր յաճախած գոլէճի կողմէ կուղարկուի Սկովտիոյ Էտինպըրկի համալսարանը իր ուսումը կատարելագործելու՝ փիլիսոփայական եւ ընկերաբանական գիտութիւններու մէջ»:
Խօսելով Պուճիքանեանի Խարբերդի մէջ ունեցած աշխատանքին, բանախօսը հարազատօրէն պարզեց, թէ ան Խարբերդ վերադառնալով ստանձնած էր աւագ դասախօսի ուսուցչապետի պաշտօն՝ Եփրատ գոլէճէն ներս եւ միեւնոյն ժամանակ նշանակուած քարոզիչ:
«Նոյն հաստատութեան մէջ ալ տարիներով ուսուցչութեամբ զբաղեցաւ Պուճիքանեանը եւ որ իր ինքնաշխատութեամբ կրցած էր բարձր յարգանքի արժանանալ: Ան կորովի, բեմբասաց, ուղղամիտ արդարութեան պաշտպան, կեղծիքի թշնամի, անյագ սորվող, այս հայ իտիալապաշտ մշակը Խար-բերդի Սոկրատն էր: Ունենալով հմտալից գրիչ իր պաշտօնավարած գոլէճին իր կեանքով իսկ թի-կունք կանգնեցաւ: Անոր անունը անքակտելիօրէն կապուած է Խարբերդի բարձրագոյն այդ կրթա-րանին: Իբրեւ քարոզիչ օրինակ դարձաւ գեղեցկօրէն ներդաշնակելու մեր հոգեւոր ու ազգային արմատը ու դարձաւ բարի օրինակը ազգային ներդաշնակութեան եւ համագործակցութեան»:
Տէր Եղիայեան նաեւ անդրադարձաւ Խարբերդի այս մտաւորականին անխոնջ աշխատանքին, հզօր իմացականութեամբ օժտուած մարդուն եւ յիշեց, թէ ներկայիս իր աղջիկը տիկին Թոփուզխանեան, որ 103 տարեկան է, կապրի Ֆրեզնոյի մէջ, եւ որ ինք անձամբ քանի մը շաբաթներ առաջ տեսնուած էր ու անկէ որոշ յստակ տեղեկութիւններ քաղած հօրը մասին:
«Խօսքերու եւ խորհուրդներու միջուկով կը հետաքրքրուէր, շարունակեց բանախօսը: Պուճիքանեան նաեւ ունէր ներքին ըմբոստ ոգի: Ան նաեւ միւս բոլոր մտաւորականներու նման եւ հետ դարձաւ զոհը թրքական եաթաղանին, ենթարկուելէ ետք անտանելի չարչարանքներու»:
Ձեռնարկին վերջին խօսք առնողն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Խորհուրդի անդամ խարբերդցի ծնողքի զաւակ Փօլ Գրիգորեան, որ անգլերէն լեզուով ամփոփ կերպով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ նախ անդրադարձաւ հայկական ցեղասպանութեան իբրեւ պատմական իրողութիւն ու նաեւ կատարեց մէջբերումներ զանազան ուսումնասիրութիւններէ: Ան նաեւ բարի յիշեց իր մեծ մօրեղբայրը Հիւսէյնիկցի- Խարբերդցի- Խաչատուր Նահիկեանը իբրեւ հանրային մեծ գործիչ, անձնուէր ծառայող, գիւղին կրթական եւ եկեղեցական գործերուն մէջ դրական աջակցութիւն ունեցող անձնաւորութիւն որ միտք ու հոգի մաշեցուցած էր նոր սերունդին համար: Գրիգորեան շեշտեց, թէ ինք շատ հպարտ էր իր հայութեամբ եւ յատկապէս իր խարբերդցիի կամ աւելի ճիշդ Հիւսենիկցիի զաւակ ըլլալուն: Փօլ Գրիգորեան պատմեց, այս նահանգի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ միատեղ Հայաստան իր այցելութիւնը ու մանրամասնեց օտար հիւրերուն հիացմունքն ու տպաւորութիւնները մեր հայրենիքի հանդէպ: Ապա ան յիշեց թէ ինչպէս երբ վերջին անգամ Հայաստան այցելած էր, Ծիծեռնակաբերդի պատերուն վրայ հայերէն տառերով գրուած Խարբերդի բաժինը մեծ հպարտութեամբ ամերիկացի իր գործակից ընկերակիցներուն ցոյց տուած էր:
Ձեռնարկը ունէր նաեւ կոկիկ գեղարուեստական բաժին մըն ալ: Այսպէս ազգային եւ ժողովրդական երգերով գեղեցկօրէն ելոյթ ունեցաւ Դաւիթ Սամուէլեան, որ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արամ Լէփէճեանի հրամցուց երեք երգեր «Ձայն մը հնչեց», «Ատանայի կոտորածը» եւ «Գետաշէն»: Իսկ իրենց կարգին, մայր եւ դուստր Սօսի եւ Սալբի Քերքոնեաններ նախ հրամցուցին տաւիղի եւ սրինգի նուագացութեամբ «Մարտիկի երգը» ապա Թեկատինցիի գրած եւ Համբարձում Պէրպէրեանի երաժշտութեամբ յօրինուած «Սիրտս կը թռչի» մեղեդին, ինչպէս նաեւ Բալուի բառբարով գրուած ծանօթ սիրերգը որ Սալբին նախ զայն արտասանեց:
Յիշենք այս երգին բառերն ու երաժշտութիւնը վերցուած էր երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի Բալուի երգերը հաստաբորբ հատորէն, որ նոյն օրը սրահի մուտքին խարբերդցի այլ գրողներու երկերուն կողքին, ծախու դրուած էր:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս, երգիչ Սամուէլեանի ընկերակցելու «Կիլիկիա» երգին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ապա ներկաները մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն:
Թղթակցութիւնը՝
Խարբերդ Միութենէն
- 14:10Փաշինյանը Շոլցի հետ հեռախոսազրույցում անընդունելի է համարել Պրահայի, Բրյուսելի և Գրանադայի սկզբունքները աղավաղելու ցանկացած փորձ
- 13:10Թքած ունեմ նրանց վրա, ովքեր հրաժարվում են «Միր» քարտի ծառայություններից. Պետդումայի պատգամավոր
- 14:10Ուկրաինան և Ռուսաստանն Աբելն ու Կայենն էին. Լեոնիդ Կուչման` Կիև-Մոսկվա հարաբերությունների մասին
- 15:10Իսրայելի ՊՆ-ն հայտարարել է Իրանի հետ հարաբերություններում «ցանկացած սցենարի» պատրաստ լինելու մասին
- 15:10Ռուսաստանը գրոհել է Ուկրաինան 13 անօդաչու թռչող սարքերով, բոլորը խոցվել են. Ուկրաինական ԶՈւ
- 12:10«Կրոկուս»-ում ահաբեկչության մեջ մեղադրվող անձի հեռախոսում հայտնաբերվել են Ուկրաինայի դրոշով մարդկանց լուսանկարներ
- 12:10«Իրոք, ուզում եմ ծաղրել». Զախարովան՝ Արարատ Միրզոյանի հայտարարության մասին
- 14:10Ահաբեկչությունից տուժածները դիմել են Ռուսաստանի քննչական կոմիտե՝ պահանջելով քրեական գործ հարուցել «Կրոկուս Սիթի Հոլլի» ադրբեջանցի սեփականատերերի նկատմամբ
- 12:10Ադրբեջանը հույս է դնում Թուրքիայից օգնության վրա
- 11:10ԽՍՀՄ-ի փլուզումից հետո փորձում էին կործանել Ռուսաստանը. Պուտին
13.04.2024 | 13:57
13.04.2024 | 13:26
13.04.2024 | 13:06
13.04.2024 | 12:59
13.04.2024 | 12:28
13.04.2024 | 11:29
12.04.2024 | 14:08
12.04.2024 | 13:56
12.04.2024 | 2:20
10.04.2024 | 15:10
10.04.2024 | 14:10
10.04.2024 | 13:10
10.04.2024 | 12:10
10.04.2024 | 11:10
09.04.2024 | 15:10
09.04.2024 | 14:10
09.04.2024 | 13:10
09.04.2024 | 12:10
09.04.2024 | 11:10
08.04.2024 | 15:10
08.04.2024 | 14:10
08.04.2024 | 13:10
08.04.2024 | 12:10
08.04.2024 | 11:10
06.04.2024 | 14:10
06.04.2024 | 13:10
06.04.2024 | 12:10
06.04.2024 | 11:10
05.04.2024 | 15:10
05.04.2024 | 14:10
05.04.2024 | 13:10
05.04.2024 | 12:10
05.04.2024 | 11:00
04.04.2024 | 15:10
04.04.2024 | 14:10
04.04.2024 | 13:10
04.04.2024 | 12:10
04.04.2024 | 11:10
03.04.2024 | 15:10
-
Հասցե` Հայաստան, 0023, Երևան, Արշակունյաց 2
Հեռ: +374 (10) 06 06 23 (413, 414), +374 (99) 53 58 26
Էլ. փոստ` armv12@mail.ru -
2010-2011 © Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Մեջբերումներ անելիս հղումը armversion.com-ին
պարտադիր է: Կայքի հոդվածների մասնակի կամ
ամբողջական հեռուստառադիոընթերցումն
առանց armversion.com-ին հղման արգելվում է: -
Կայքում արտահայտված կարծիքների համընկնումը
խմբագրության տեսակետի հետ պարտադիր չէ:
Գովազդների բովանդակության համար
կայքը պատասխանատվություն չի կրում:
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են: Copyright “Armversion.com” 2010.